2013-04-04 14:55:23

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Բարձրագոյն` Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի Շքանշան Տիար Վարուժ Ներկիզեանին։


Պէյրութի հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ- Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ Կիրակի, 31 մարտի երեկոյեան՝ Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը պարգեւատրեց տիար Վարուժ Ներկիզեանը Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի կարգով, որ իրեն շնորհուած էր վաստակաւոր քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ.ի կողմէ 24 նոյեմբեր 2012-ին, այն օրուան Վատիկանի պետական քարտուղար Թարչիզիօ Պերթոնէի միջոցով: Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի կարգը, հիմնուած համանուն քահանայապետին կողմէ 1831-ին, առաջին կարգի պատիւը կ՛ընծայէ անոր, որ եկեղեցւոյ ի նպաստ բացառիկ ծառայութիւններ կատարած է, եւ հետեւաբար անոր կը տրուին յատուկ առանձնաշնորհումներ, ըստ վատիկանեան դիւանագիտական արարողութեանց ուղեցոյցին: Եկեղեցական արարողութեան նախագահեց ամենապատիւ հոգեւոր տէրը` առընթերակայութեամբ երկու քահանաներու: Արարողապետն էր տեղւոյն օգնական ժողովրդապետ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան, սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի: Այս առթիւ եկեղեցւոյ աւագ ժողովրդապետ հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան կարդաց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հեռագիր-մաղթանքը եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի մաղթանքը: Ապա խօսք առաւ ամենապատիւ հոգեւոր տէրը, որ իր խօսքին մէջ թուարկեց Վարուժ Ներկիզեանի արժէքները, իր նուիրումն ու ներդրումը համայնքի ու եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Հայրենիքին կառուցման... յիշեց նաեւ թէ ան օգտակար դարձած է կարիքաւորներուն, ինչպէս նաեւ յաջողած է հիմնել լիբանանեան-ֆրանսախօս վարժարան մը, նաեւ ունի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին հետ բազմամեայ գործակցութիւն՝ որ ե՛ւ նիւթական է, ե՛ւ բարոյական: Հուսկ խօսք առաւ պարգեւատրեալ Վարուժ Ներկիզեան, մեծ յուզումով նշեց, որ այնքան պատիւի արժանացած ու շքանշաններ ստացած է, սակայն այս մէկը իր սրտին խօսող յատուկ յարգանք կը վայելէ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենակալ Աստուծոյ, ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ եւ անոր միջոցով հրաժարեալ սրբազան քահանայապետին, որ զինք արժանի նկատեցին այս պարգեւատրման: «Տէրունական աղօթքով ու ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ պահպանիչով վերջ գտաւ արարողութիւնը. այս առիթով պատրաստուած էին յատուկ գրքոյկներ, որոնք կը բովանդակէին ամբողջ արարողութիւնը` հայերէն եւ ֆրանսերէն, ինչպէս նաեւ պարգեւատրեալին կենսագրականը: Յետ արարողութեան «Ֆենիսիա» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք մը որուն ընթացքին խօսք առին պարգեւատրեալին զաւակն ու բարեկամները։ Երեկոյեան Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ անակնկալ ՜՜ իր երախտագիտական խօսքին ու շնորհակալական զգացումներուն իբրեւ ապացոյց, պարգեւատրեալին նուիրեց Մեծն Սուրբ Գրիգորի կարգի շքանշանին կապուած՝ յատուկ սուրը, որ ան պիտի կրէր իբրեւ խորհրդանշան` պաշտպանելու համար եկեղեցին եւ կարիքաւորը, այնքան ատեն որ Ամենաբարին Աստուած կեանք տար անոր՝՝:








All the contents on this site are copyrighted ©.